Չպէտք է մոռնալ այն մարդոց ծառայութիւնները, որոնք մեզի համար վտանգի տակ կը դնեն իրենց առողջութիւնը. Յարութ Ներսէսեան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յարութ Ներսէսեան վերջին զարգացումներուն հետ կապուած ուշագրաւ ուղերձ մը հրապարակած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.
Յարգելի բարեկամներ,
Նոր «քորոնա» ժահրի համաճարակն առիթ ստեղծած է մտածելու կեանքի, անոր իմաստի մասին, մեր առաջնահերթութիւններու ու ձգտումներու մասին:
Մենք նաեւ պէտք է գիտակցինք մեր օրհնութիւններն ու շնորհակալ ըլլանք անոնց համար, որ կը վտանգեն իրենց առողջութիւնը` ծառայելու համար Հայաստանի ժողովուրդին այս դժուարին ժամանակներուն:
Անհնար է յիշատակել բոլորին, բայց ահա ցանկ մը, որ չպէտք է մոռնալ. ՀՀ Կառավարութիւնն իր տարբեր գերատեսչութիւններով, յատկապէս Առողջապահութեան նախարարութիւնը: Բուժաշխատողներ` մեր հիւանդանոցներում, դարմանատուներուն ու դեղատուներուն մէջ:
Բոլոր այն մարդիկ, որոնք ներգրաւուած են սննդամթերքի արտադրութեան ու մատակարարման գործին, Ոստիկանութիւնը, որ կ’ապահովէ հանրային անվտանգութիւն, հասարակական փոխադրութեան աշխատողները, անոնք, որոնք մաքուր կը պահեն մեր քաղաքները, կը հաւաքեն ու կը հեռացնեն մեր առօրեայ թափոնները:
Որպէս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն` կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել մեր աշխատակիցներուն, որոնք օրինակելի ծառայութեան, համագործակցութեան ու ստեղծարարութեան հոգի դրսեւորեցին` հարմարեցնելով մեր ծառայութիւններն այս մարտահրաւիրող ժամանակներուն:
Կ’առաջարկեմ մեր ընթերցողին` նշել անոնց, որոնց կը ցանկային երախտագիտութիւն յայտնել այս յարափոփոխ ժամանակներուն:
Յարութ Ներսէսեան
ԱՀԱԸ Հայաստանի ներկայացուցիչ