Հոկտեմբեր 22, 2022-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, AMAC-ի 103-րդ տարեկան հանդիպում-կոչունքի ընթացքին, Պրն Զաւէն Խանճեան, AMAA-ի գործադիր տնօրէնը, պատուեց Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (AMAC) եւ անոր երկարամեայ նախագահ Պրն Միհրան Ճիզմէճեանը:

Պրն Ճիզմէճեան անխոնջ կերպով ծառայած է AMAC-ին քանի մը տասնամեակ: Շնորհիւ իր հաւատարիմ ծառայութեան եւ ղեկավարութեան, AMAC-ն շատ անհրաժեշտ օժանդակութիւն, հանգիստ եւ ուրախութիւն բերած է մեր հայրենակիցներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

AMAC-ի Տնօրէններու Խորհուրդն ու անդամները, նախագահ Ռաֆֆի Շնորհօքեանի հետ մեծապէս երախտապարտ են Ընկերակցութեան սիւն Պրն Միհրան Ճիզմէճեանին:

AMAC-ն մեծապէս կը գնահատէ երկարամեայ գործակցութիւնը AMAA-ի հետ եւ կը յուսայ շարունակել գործակցութիւնը Աստուծոյ Փառքին եւ ի բարօրութիւն Հայ ազգին: