Ասկերանի Մանկապարտէզը Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւններու հովանիին տակ կը գործէ 2002 թուականէն ի վեր, եւ ուր կը յաճախեն 70 երեխաներ: 2 Հոկտեմբեր, 2018-ին Մանկապարտէզը վերանուանուեցաւ «Ասկերանի Տէր եւ Տիկին Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեան Մանկապարտէզ»: Մանկապարտէզի պայմանները հնարաւորութիւն կու տան երեխաներուն դաստիարակութիւնը եւ ուսումը կազմակերպել աշխոյժ ու հաճելի մթնոլորտի մէջ:

Հասցէ՝ ք. Ասկերան, Շահումյան 72, հեռ. 04767726։

2 Հոկտեմբեր, 2018 ին Արցախի Հանրապետութեան Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Ասկերանի մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի անուանակոչման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը, Ասկերանի շրջվարչակազմի ղեկավար Գեղամ Բէքլարեանը, Ասկերանի շրջվարչակազմի աշխատակազմի կրթութեան բաժնի պետ Կառլէն Մայիլեանը, բարերար Յակոբ Պասմաճեանը, ՀԱԸ աշխատակիցներ, ծնողներ եւ ուսանողներ: Այսուհետեւ Ասկերանի մանկապարտէզը կը կրէ Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեան անունը:

Արարողութիւնը սկսաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի՝ Անահիտ Դանիէլեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքով: Ելոյթով հանդէս եկան ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը, Արցախի Հայ Աւետարանական եկեղեցիի հովիւ վեր. Վարդան Ափինեանը եւ բարերար Յակոբ Պասմաճեանը: Իր գոհունակութեան եւ շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց նաեւ Ասկերանի շրջվարչակազմի աշխատակազմի կրթութեան բաժնի վարիչ Կառլէն Մայիլեանը: