Վերջերս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վանաձորի «Շող» Կեդրոնը կոչուեցաւ Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեան «Շող» կեդրոն:
Աւետարանչականի Հայաստանի մասնաճիւղը կազմակերպեց Յուշատախտակի բացման արարողութիւն մը՝ որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն Թորոնթոբնակ (Օնթարիօ, Գանատա) Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անդամներ եւ բարերարներ Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեաններուն: Սարգիս Մարանճեան անդամ է նաեւ Գանատայի Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդին։ Յուշատախտակի բացումը տեղի ունեցաւ Մարտ 30, 2022-ին Վանաձորի «Շող» Ցերեկային Կեդրոնին մէջ։ Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան ողջունեց միջոցառման ներկաները, հիւրերը, ծնողները եւ Կեդրոնի երեխաները՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Մարանճեաններուն, որոնց առատաձեռնութեան շնորհիւ բազմաթիւ երեխաներ կը ստանան կենսական կրթական, սոցիալական եւ հոգեբանական ծառայութիւններ։
Երեխաները գունաւոր ժապաւէններով Ֆլէշ մոպ (flash mob) մը կատարեցին, ներկայացնելով «Շող» Կեդրոնի շնորհիւ կեանքի եկած վառ գոյները՝ ընկերութիւն՝ պատասխանատուութիւն, ազնուութիւն եւ մարդկային այլ վեհ յատկանիշներ։
Վանաձորի «Շող» Կեդրոնի պատասխանատու Իրինա Չախոյեան՝ յանուն երեխաներուն եւ ծնողներուն, խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, երեխաներու կեանքին վրայ Մարանճեան «Շող» Կեդրոնի թողած անհաւատալի դրական ազդեցութեան համար։
Միջոցառումի մասնակիցները վրձնահարուածներով ներկեցին դատարկ թուացող կտաւ մը, որ բացայայտեց Մարանճեաններու դիմանկարի ուրուագիծը։