Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը, ու քարոզեցէ՛ք աւետարանը բոլոր արարածներուն: Մարկոս 16.15

Ինչպէ՞ս կը  բնորոշէք սահմանները: Արդեօ՞ք սահմանները նախանշուած տարածքի սկիզբն են, թէ՞ վերջը: AMAA News-ի վերջին թողարկումը նուիրուած է Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն: Գիւղերը բնական միջավայրեր են։ Այնտեղ մարդիկ  կ՛ապրին։ Երբ մենք կը խօսինք սահմանամերձ գիւղի մասին, մենք կը խօսինք համայնքներու, անձերու, մարդ արարածներու մասին՝ տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաներ, էակներ, որոնք  ծնած են իրենց Ստեղծողի պատկերով: Ուստի, խօսքը կեանքի մասին է՝ համեմատաբար պարզունակ, բայց միեւնոյն ժամանակ մաքուր, ազնիւ եւ անմեղ:

1988-ի երկրաշարժէն յետոյ AMAA-ի` hայրենիքի մէջ իր ներկայութեան արշալոյսէն ի վեր, եւ աւելի քան 33 տարի անց, մեր առաքելութիւնը մեծապէս աճած եւ ընդլայնացած է դեպի քաղաքներ եւ շրջաններ, բլուրներ եւ հովիտներ՝ ամբողջ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին. АМАА-ն յուզեր է մարդոց, հպուեր է անոնց կեանքին, փոխեր է ճակատագրեր եւ ուղղութիւններ, ուշադրութեան արժանացուցեր է նուիրեալներուն ու գրկաբաց ընդուներ երազողները, օգներ է երազանքներու իրականացման: Առաքելութիւնը բարգաւաճեր է ինչպէս քաղաքի մէջ, այնպէս ալ զայն շրջապատող համայնքներուն մէջ՝  գործառնական իր շրջանակներու հետեւեալ ոլորտներուն մէջ․

  • Քարոզել Աստծոյ Խօսքը,
  • Կրթել երիտասարդները եւ մեծահասակները,
  • Պաշտպանել եւ բարձրացնել արժէքները,
  • Ձեռք մեկնել որբին եւ այրիին:

Պատմականօրէն՝ AMAA-ի առաջին հանդիպումը սահմանամերձ գիւղի հետ եղեր է ընդամէնը տասը տարի առաջ, բայց կեդրոնացումը սահմանային  կեանքի վրայ աճեցաւ 2020-ին․ Արցախեան պատերազմէն անմիջապէս յետոյ. յարձակումը տան շէմքին էր։ Ոտնձգութիւնը ստեղծած էր անհանգստութիւն, վախ ու խաւար։ Կար անսասան դիմադրութեան, հողին վրայ ամուր կանգնելու, թեւ ու թիկունք դառնալու, յոյսի, սիրոյ եւ ծառայութեան հեղեղի յուսահատ կարիք:

AMAA-ն ականջալուր եղաւ այդ կոչին եւ այնտեղ էր՝ ուշադրութիւն դարձնելու, տեսնելու եւ լսելու, ողջագուրուելու եւ  սէրն ու կարեկցանքը վերահաստատելու համար:

Ահա մեր խոստումները սահմանամերձ գիւղերուն.

  • Մենք պիտի տառապինք եւ բարգաւաճինք ձեզի հետ
  • Մենք կու գանք եւ մթութեան մէջ միասին լոյս կը վառենք
  • Մենք ձեզմէ կը սորվինք եւ միասին կը պահենք մեր մաքրամաքուր արժէքները, անբիծ հաւատքն ու անարատ մշակոյթը:

Այսպիսով, սահմանները տարածութեան սկի՞զբն են, թէ՞ վերջը:

«Ճրագը կը դնեն աշտանակի վրայ, որ լուսաւորէ բոլոր տան մէջ եղողները»: Մատթէոս 5.15

Սահմանամերձ գիւղերը մեր փարոսներն են։ Հայաստանի սահմաններուն վերջը «ամբողջ աշխարհի» սկիզբն է։

Կը Խնդրենք միանալ АМАА-ին, որպէսզի լոյսը վառ մնայ՝ սահմանէն այն կողմ: Հզօրացուցէ՛ք սահմանամերձ ընտանիքը:

Շնորհակալ եմ աջակցութեան համար:

Զաւէն Խանճեան, АМАА-ի Գործադիր Տնօրէն
Փետրուար 17, 2022, Բըրէմըս, Նիու Ճըրզի