Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը ուրախ է տեղեկացնելու, որ քառօրեայ Ծնողավարութեան սեմինարի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 16-ին, 27 անձերու մասնակցութեամբ։ Մասնակցողները առիթը ունեցան արժեւորելու եւ քննարկելու իրենց զաւակներուն բնածին բնաւորութիւնները։
Այս առաջին հանդիպումին ընթացքին, սեմինարավար Սալբի Ներսէսեան, բացատրեց թէ անձնաւորութիւնը ինչպէս կը կազմուի, եւ թէ ինչպէս զաւակներ զգացականօրէն կ՛արձագանքեն իրենց շրջապատին, ըստ իրենց բնածին բնաւորութեան։
Երկրորդ հանդիպումին, Սալբի Ներսէսեանը պիտի օգնէ ծնողներուն որ անդրադառնան թէ իրենք ինչ բնածին բնաւորութեան տեսակ ունին եւ պիտի բացատրէ թէ ծնողներ ինչպէս կրնան յարմարցնել իրենց ծնողաւարութեան մօտեցումը, հիմնուելով իրենց զաւակներուն պէտքերուն վրայ, լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար:
Երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 23-ին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այս սեմինարի մասին, այցելեցէք՝
https://www.amacnews.org/practical-and-interactive-parenting-seminars/