Երեխայի կեանքը բզկտուեցաւ Արցախեան պատերազմին պատճառով
ԱՀԱԸ եւ ԳՀԱԸ Տէր եւ Տիկին Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեան Մանկապարտէզ
Երջանկութիւնը թոյլ կու տայ բնական կեանք ունենաս, այն ինչով որ ունիս, այլ՝ ոչ թէ անհանգստանաս այն ինչով, որ չունիս: Այս գաղափարախօսութեամբ է, որ ցարդ կ՛ապրի ու երջանիկ է Գրիգորեաններու ընտանիքը: Արդէն հինգ տարի է, որ անոնք Թուրքմենիայէն տեղափոխուած են ու կ՛ապրին Ասկերան, վարձու բնակարանի մը մէջ: Իրենց ընտանիքը բաղկացած է 8 հոգիէ՝ մօրենական մեծհայրն ու մեծմայրը, հայրն ու մայրը եւ 4 անչափահաս երեխաներ: Ընտանիքը երջանկութիւն գտաւ իր երեխաներուն հոգատարութեան ու ջերմութեան մէջ, մասնաւորաբար վերջերս 17.02.2021-ին ծնած երկուորեակներով: Ուշագրաւ էր այս ընտանիքի պատմութիւնը, երբ ընտանիքի երկրորդ երեխան սկսաւ յաճախել ԱՀԱԸ-ի Ասկերանի մանկապարտէզը:
Հետաքրքիր ու համեստ աղջնակը՝ Մարիամ Արթիւրի Գրիգորեանը ծնած է 29.09.2017-ին: Մարիամը դեռ նոր, առաջին անգամ ոտք դրած էր մանկապարտէզ, երբ պատերազմը իր ձեռագիրը ձգեց այս ընտանիքի յուշերուն մէջ: Պատերազմին պատճառով փոքրիկ Մարիամը կորսնցուց իր շատ սիրելի հօրեղբայրը, որ նոյնպէս 4 անչափահաս երեխաներ ունէր: Իրենց ապրած տան տանիքը, պատերն ու պատուհանները ռումբի պայթումէն վնասուած էին մասամբ: Ընտանիքի մայրը՝ Օլեսիան, որ յղի էր երկուորեակներով, երկու փոքրիկներուն հետ հազիւ յաջողած էր փրկուիլ: Անոնք ժամանակաւորապէս ապաստանեցան Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղը:
Զինադադարէն ետք, իրենց տունը նորոգուեցաւ պետութեան կողմէ եւ անոնք կրկին վերադարձան: Փոքրիկ Մարիամը ինչպէս մայրը կ՛ըսէ, անընդհատ կը յիշէր մանկապարտէզի օրերը, իր ընկերները եւ կու լար, կ՛ուզէր մանկապարտէզ երթալ: Անոր ուրախութեան չափ-սահման չկար, երբ կրկին ոտք դրաւ հարազատ մանկապարտէզը: Մայրը նշեց,- երբ եկուորեակները լոյս աշխարհ եկան, ամբողջ հոգատարութիւնը ինկաւ իրենց վրա: Մարիամը տխրեցաւ, սակայն երբ իմացաւ որ նորէն մանկապարտէզ պիտի երթայ, դէմքը ժպիտով ողողուեցաւ. ան նորէն հոգատար դաստիարակներու կողքին կ՛ըլլայ: Ընտանիքը եկամուտի աղբիւր չունի, անոնց միակ եկամուտը մեծհօր եւ մեծմօր թոշակներն են եւ երեխաներուն յատկացուած նպաստը: Մարիամի հայրը՝ Արթուր Վանիայի Գրիգորեանը, շինարարական աշխատանքով կը զբաղի, սակայն մշտական աշխատանք չունի:
ԳՀԱԸ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բարերարներուն, անոնց օգնութեան համար երեխաներուն, ինչպէս Մարիամը, որ կարողացաւ նախադպրոցական բացառիկ կրթութիւն մը ստանալ։