Արեւելք Ճամբարը՝ Քէթսքիլ Լեռներում
ԱՃԵԼՈՒ ԵՂԱՆԱԿ
ԱՀԱԸ-ի եւ ԳՀԱԸ-ի կարեւոր ծրագիրներէն մէկն է տարիներէ ի վեր օժանդակել ամբողջ աշխարհի մէջ ամառնային համագումարներու յայտագրին: Այս յայտագիրները ծրագրուած են, որպէսզի բաժնեկցին Յիսուսի սէրը մանուկներու եւ երիտասարդներու հետ գործնական ձեւերով՝ սորվիլ, զարգացնել իրենց ձիրքերը, ընկերական յարաբերութիւններ մշակել, նոր ընկերներու ծանօթանալ, սնելով Քրիստոնէական սիրոյ եւ հոգատարութեան մթնոլորտի մէջ:
Ամառնային համագումարները մանուկներու ամենասիրած վայրերն են, ուր կը բանակին մեծ ակնկալութիւններով եւ շաբաթ մը կ՛անցընեն իրենց ամառնային արձակուրդէն: Շատեր իրենց հոգեւոր կեանքի արմատացումը կ՛ունենան այս համագումարներու ընթացքին:
Հայաստանի Ամառնային Համագումարի ծրագիրը սկսած է 1989-ին: 1991-ի ամրան կամաւորներ Գանատայէն եւ այլ երկիրներէ ուղղուեցան Հայաստան, որպէսզի կազմակերպեն համագումարները զանազան վայրերու մէջ, օժանդակութեամբ տեղական Աւետարանական եկեղեցւոյ:
Ամառնային Դպրոցներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ (Ղարաբաղ)
ԱՀԱԸ Հայաստանի Մասնաճիւղը եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին կը շարունակեն կազմակերպել ամառնային դպրոցները Հայաստանի եւ Ղարաբաղի տարածքին: Անոնք տեղի կ՛ունենան 35 տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, աւելի քան 3,000 մանուկներու եւ պատանիներու համար: 250-է աւելի կամաւորներ կը ծառայեն Արցախի եւ Հայաստանի ամառնային դպրոցներուն:
Մենք շնորհակալ ենք Աստուծոյ բանակավայրին մէջ ծառայող նուիրեալ խորհրդատուներուն համար: Անոնք, իրենց նուիրումով, բանակողներուն կը փոխանցեն Աւետարանի բարի լուրը եւ Աստուծոյ սէրը, որոնք կեանքի փոփոխութեան փորձառութեան կը յանգին: Մենք նաեւ շնորհակալ ենք Աստուծոյ, ԱՀԱԸ-ի եւ ԳՀԱԸ-ի ընկերներուն եւ օգնողներուն, որոնք անգամ մը եւս կ՛օժանդակեն մեր ամառնային դպրոցներուն, իրենց աղօթքներուն, նուիրատուութիւններուն եւ ծառայութիւններուն միջոցաւ: