1988-ի Սպիտակի աղետալի երկրաշարժէն յետոյ, 1989-ին Պոսթոնի մէջ, խումբ մը կամաւորներու կողմէ ստեղծուեցաւ «Հայ մանուկներու կաթ» հիմնադրամը: Հիմնադրամին առաքելութիւնն էր Հայաստանի եւ Արցախի մանուկներուն համար մանկական սնունդի գումարներ հայթայթել եւ նուիրատուութիւններ ձեռք բերել:
1989-ին սկսած մանկական սնունդի կանոնաւոր ծրագիրը հազարաւոր հայ մանուկներու առողջ կեանքի սկիզբ դարձած է: Ծրագրին ձեռքբերումները հնարաւոր դարձած են կամաւորներու քրտնաջան աշխատանքի, հանգանակութեան, եւ տասնեակ մը միջոցներու շնորհիւ:
Նախաձեռնութեան նպատակն է օգնել անապահով ընտանիքներու նորածիններուն, որոնք զրկուած են մայրական կաթով կերակրուելու հնարաւորութենէն, եւ որոնք առողջական խնդիրներ ունին՝ յատկապէս զգայնոտութեան (Ալերճի) եւ մարսողութեան բնոյթի:
Ծրագիրը կ՛իրականացուի Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւններու կողմէ Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի, Ստեփանաւանի, Գորիսի եւ Արցախի մէջ: Իւրաքանչիւր ամիս այս ծրագրէն կ՛օգտուին 440 ընտանիքներ: Թէեւ մանկական սնունդներէն ոչ մէկը կրնայ լիովին փոխարինել մայրական կաթը, սակայն կարելի եղած է փոքրիկներուն համար համեմատաբար անվնաս եւ որակեալ սնունդ ստանալ:
Այս ծրագրէն կրնան օգտուիլ 0-12 ամսական այն երեխաները, որոնք բժիշկին կողմէ ունին յատուկ տեղեկանք, սննդային (մասնաւորապէս կաթնային) որեւէ ալերճիք, կամ մարսողական խնդիրներ, որուն հետեւանքով երեխան կարիք ունի լրացուցիչ սնուցման, եւ մանկաբուժը խորհուրդ կու տայ «Սիմլաք» սննդատեսակի օգտագործումը:
«Հայ մանուկներու կաթ» հիմադրամը սիրով կ՛ընդառաջէ բոլոր կարիք ունեցողներուն, սակայն կը խրախուսէ երեխան կուրծքի կաթով կերակրել եւ խորհուրդ կու տայ արհեստական սնունդ տալ միայն բժշկական ցուցմունքներու պարագային: