Մինչ ամենադժուար տարին մեր թարմ յիշողութեան մէջ իր աւարտին կը հասնի, ԳՀԱԸ-ն խորհուրդի անդամները եւ կամաւորները կը փափաքին ձեզ մաղթել օրհնեալ եւ խաղաղ Սուրբ Ծննդեան Տօն, ինչպէս նաեւ կը փափաքին ձեզ մաղթել նոր տարի մը որուն ընթացքին կ՛ունենանք կարելիութիւնը մոռնալու 2020 տարուայ ցաւալի փորձառութիւնները.
2020 թուականը շատ դժուար տարի մըն էր մեր բոլորին համար: Մենք դիմագրաւեցինք մի քանի հիմնական մարտահրաւէրներ՝ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը, որը սաստկացաւ Պէյրութը ցնցող պայթումի հետեւանքով, COVID-19-ի դէպքերի ահաւոր սրացումով, եւ անոնցմէ բխող առողջապահական և տնտեսական խնդիրներ, եւ ամէնավատը Արցախի երրորդ պատերազմը, անոր ուղեկցող հողատարածքներու կորուստը եւ հազարաւոր զինուորներու վիրաւորուիլը եւ մահը:
ԳՀԱԸ-ն համայնքը քաջաբար ոտքի կանգնեցաւ դմագրաւելու համար այս մարտահրաւէրները. ԳՀԱԸ-ն խորհուրդի անդամները ու կամաւորները արձագանքեցին այս ճգնաժամերուն, իրենց քսակները լայն բացին եւ իրենց ժամանակն ու ջանքերը նուիրեցին կարեկցութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ:
Ձեր օժանդակութեամբ եւ կամաւոր ծառայութիււններով, ԳՀԱԸ-ը կարելիութիւնը ունեցաւ հետեւեալները իրագործելու 2020 թուականի ընթացքին:
- Օժանդակութիւն Լիբանանի տնտեսապէս կործանուած հայերու (CAD $20,000).
- Օգնութիւն Պէյրութի Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանին որպէս զի վերանորոգեն դպրոցը (CAD $51,000).
- Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն տնտեսական բեռը թեթեւցուցնելու (CAD $65,000).
- Երեք բեռարկղներ տաք հագուստեղներ, Ծննդեան նուէրներ եւ այլ պարագաներ ուղարկել Արցախի ժողովուրդին.
- Նուիրել երկու մինիպասեր Հայաստանի մեր գործընկերներուն որոնց շնորհիւ անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան աւելի լաւ ծառայելու Հայաստանի եւ Արցախին մեր ժողովուրդին:
Յաւելեալ վերը յիշուածներուն, ԳՀԱԸ շարունակեց իր աւանդական ծրագիրները:
- ԳՀԱԸ-ի հովանաւորները սիրով օգնեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի 146 մանուկներուն:
- Մենք Դրամաշնորհ կատարեցինք «ԱՀԱԸ եւ ԳՀԱԸ Տէր եւ Տիկին Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեան Մանկապարտէզ» ին:
Կ՛ուզենք Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել, մեզի հետ Ձեր գործակցութեան՝ աշխարհի շուրջ կարիքաւորներուն եւ նուազ բախտաւորներուն օգնութիւն փութացնելու ազնիւ առաքելութեան համար:
Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ եւ ուրախ Նոր Տարի Ձեզի եւ Ձեր սիրեցեալներուն:
ԳՀԱԸ-ն առաքելութեան եւ իրազեկման ծրագրերուն մասին աւելի իմանալու համար,
այցելեցէք www.amacnews.org
Նաեւ կրնաք մեզ հետեւիլ Facebook-ի միջոցաւ։
Րաֆֆի Շնորհօքեան Նախագահ |
Միհրան Ճիզմէճեան Ատենապետ |