Սիրելի՛ Գանատահայ հայրենակիցներ,
Սեպտեմբերի 21-ին կը նշենք Հայաստանի անկախութեան 29-ամեակը: Մենք ուրախ եւ հպարտ ենք մեր հայրենիքով: Ան աշխարհով մէկ սփռուած բոլոր հայերու հպարտութիւնն է, իսկ անկախութիւնը՝ աղօթքն ու երազանքը:
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հոգաբարձութեան եւ կամաւորներու անունով կը շնորհաւորեմ աշխարհասփիւռ հայերուն՝ Հայաստանի անկախութեան առիթով: Շնորհաւորանքին զուգահեռ՝ կը հրաւիրեմ խորհիլ մեր անկախութեան ընթացքին մասին:
«Տէ ժիւրէ» (de jure) անկախութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ ժողովուրդ մը կը հռչակէ իր անկախութիւնը եւ իր տարածքին վրայ իշխանութիւն ձեռք կը բերէ:
«Տէ ֆաքթօ» (de facto) անկախութիւնը ձեռք կը բերուի աստիճանաբար, տասնեակ տարիներու ընթացքին, երբ պետութիւնը կը հզօրանայ տնտեսապէս, ռազմական եւ քաղաքական առումով՝ աստիճանաբար դուրս գալով այլ պետութիւններու ազդեցութենէն:
Ասիկա նման է անհատի անկախութեան: Անչափահաս երեխան «տէ ժիւրէ», եւ «տէ ֆաքթօ» կախուած է իր ծնողներէն: Երբ ան կը դառնայ չափահաս, օրէնքի տեսանկիւնէն արդէն անկախ է: Սակայն փաստացի՝ ան իր անկախութիւնը ձեռք կը բերէ տարիներու ընթացքին, երբ ուսում կը ստանայ, աշխատանքով եկամուտ կ՛ապահովէ եւ ամենակարեւորը՝ իր ազնուութեամբ, հասունութեամբ եւ իմաստութեամբ կ՛արժանանայ ծնողներուն ու շրջապատին վստահութեանն ու յարգանքին:
Հայաստանի ներկայիս պետութիւնը 29 տարեկան է: Ասիկա շատ կարճ ժամանակ է պատմութեան հոլովոյթին մէջ: Բայց նորակազմ մեր անկախ հայրենիքը անցած 29 տարիներուն մեծ յառաջընթաց արձանագրած է, որուն համար մենք Աստուծոյ փառք կու տանք:
Միաժամանակ կը գիտակցինք, որ դեռ երկար ճամբայ կայ՝ որպէս երկիր զարգանալու, հասուննալու եւ կայանալու համար, որու պարտականութիւնը իւրաքանչիւր հայի ուսերուն է:
Երկիրը կը զարգանայ եւ կը բարգավաճի, երբ իւրաքանչիւր հայ՝ ըլլայ Հայաստանի քաղաքացի կամ սփիւռքահայ, կատարէ իր հայրենասիրական պարտականութիւնները եւ ղեկավարուի սիրոյ, ազնուութեան և արդարութեան քրիստոնէական սկզբունքներով: Երբ հայերը ամենուրեք առաջ մղեն եւ բարձրացնեն զիրար, հայ ազգը կը դառնայ տնտեսապէս կայուն, քաղաքականապէս ազդեցիկ:
Հայրենիքի կայացման եւ «տէ ֆաքթօ» անկախացման համար շատ կարեւոր գործօն է տնտեսապէս հզօր եւ տարբեր երկիրներու մեջ քաղաքական կշիռ ունեցող Սփիւռքի գոյութիւնը:
Իմ մաղթանք է, որ Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը, որպէսզի ան շարունակէ զարգանալ եւ զօրանալ՝ այդպիսով ա՛լ աւելի ամրապնդելով իր անկախութիւնը:
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը շարունակէ նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման՝ մանաւանդ կրթական ոլորտի մէջ:
Յարութ Ներսէսեան
ԳՀԱԸ խորհուրդի անդամ