Յունիս 3, 2020-ին Գանատայի Օնթարիօ Նահանգի Քէյմպրիճ քաղաքին մէջ Վեր. Յովհաննէս Սարմազեան հրաժեշտ տուաւ իր երկրային կեանքին եւ միացաւ իր Երկնաւոր Հօր։
Ի յիշատակ այս վեթերան հովիւին՝ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը ներկայացնէ իր կենսագրութիւնը, գրի առնուած Վեր. Դոկտ. Ճան Խանճեանի կողմէ։
ՎԵՐ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՐՄԱԶԵԱՆ
Վեր. Դոկտ. Ճան Խանճեան
Վեր. Յովհաննէս Մ. Սարմազեան ծնած է Յունիս 1934-ին, Մինաս եւ Մարի Սարմազեան ամոլի ընտանիքին մէջ, Պաղճաղազ գիւղը, Քեսապի Սիլտիրան լեռան ստորոտին, Սուրիա: Յաճախած է գիւղի նախակրթարանը, սակայն միջնակարգի ուսման համար, ան ստիպուած էր 14 քիլոմեթր քալել, Քեսապի վարժարանը հասնելու համար: Անոր ճամբու ուղին դէպի հոգեւոր ծառայութիւն, չէր հետեւած աւանդական ուղիին՝ դէպի երկրորդական վարժարան եւ ապա Գոլէճ եւ Աստուածաբանական Ճեմարան: Ըլլալով տան անդրանիկ զաւակը, ան ստիպուած էր ընդհատել ուսումը եւ օգնել իր հօրը հողագործութեան մէջ: 1951-ին ան հրաւէր ստացաւ ուսուցչական պաշտօնի՝ իրենց գիւղի նախակրթարանին մէջ, բան մը, որ ինք ստանձնեց մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ՝ ծառայելով երեք տարիներ: Ապա ան Սուրիական բանակին մէջ իր զինուորական ծառայութիւնը կատարելու կանչուեցաւ, որու ընթացքին անոր առաջարկուեցաւ ուսուցիչի պաշտօն՝ Դամասկոսի Հայ Աւետարանական Վարժարանին մէջ, ուր ծառայեց 1959-1962 տարիներուն: Այս շրջանին, որ ան «Դամասկոսեան Փորձառութեան Ճանապարհ» կը կոչէ, իր ապագայի երազը՝ հոգեւոր ծառայութեան, հիմնաւորուեցաւ իր մէջ ու ան սկսաւ դիմումներ ներկայացնել այդ երազը իրականացնելու համար:
Այսուհանդերձ, կար յաղթահարելի դժուարութիւն մը՝ երկրորդական ուսման վկայական: 1962-ին, իրեն հանդիպեցայ, երբ ան ուսանող էր Պէյրութի Աւետարանական Գոլէճին մէջ, Լիբանան, նստած պատանիներու հետ, ուր ան եղաւ յաջողակ աշակերտ մը: Արդ, ճամբու ուղին յստակ էր։ Ան յաճախեց Հայկազեան Գոլէճ (այժմ Համալսարան) եւ ապա Աստուածաբանական Ճեմարան՝ որպէս լման ժամանակով ուսանող։ Ջանասիրութեամբ ան աւարտեց իր բաձրագոյն ուսումը ու 1967-ին Հայկազեան Գոլէճէն ստացաւ B.A տիտղոսը հոգեբանութեան մէջ եւ 1969-ին B.D Աստուածաբանութեան տիտղոսը՝ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն։:
Աստուածաբանական ուսանողութեան օրերուն, ան ծառայեց Կիրակնօրեայ դպրոցներուն եւ երիտասարդաց ընկերակցութիւններու (Ջանից) մէջ եւ քարոզեց եկեղեցիներու բեմերէն՝ զանազան վայրերու մէջ: Շրջանաւարտութենէն առաջ, քանի որ թափուր պաշտօն մը կար Անճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ, Յովհաննէսը նշանակուեցաւ այդ պաշտօնին, ծառայելու եկեղեցիին ժամանակաւոր դրութեամբ՝ բան մը, որ ապագային դարձաւ մնայուն: Ան իր գործին ձեռնարկեց, եկեղեցուոյ կեանքին մէջ փոթորկալից շրջանէ մը ետք, սակայն իր հանդարտ եւ սիրալիր մօտեցումով, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերաւ եկեղեցուոյ այդ վիճակին եւ ծառայեց 22 տարիներ:
1972-ին ան ամուսնացաւ Մարի ճանպազեանի հետ, որ անդամ էր Hilfsbund Միսիոնարութեան, եւ կը ծառայէր եկեղեցիին եւ անոր գիշերօթիկ բաժինին, ինչպէս նաեւ շրջապատի գիւղերու իսլամներուն: Մարին ուսանած էր Գերմանիոյ մէջ եւ կը ծառայէր որպէս հիւանդապահուհի, թարգմանչուհի եւ ընկերային ծառայութեան գործիչ։ Ան դարձաւ Վեր. Սարմազեանին աջ բազուկը իր հովուական ծառայութեան մէջ: Յուլիս 1, 1973-ին, Յովհաննէս ձեռնադրուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կողմէ որպէս մնայուն Հովիւ Անճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին:
Երբ 1976-ին Hilfsbund Միսիոնարութիւնը իր ծառայութիւնը Անճարի եւ շրջապատին մէջ փոխանցեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, Վեր. Սարմազեանին պատասխանատուութիւնները մեծապէս ծաւալեցան: Անոնք կը պարփակէին տնօրէնութիւնը Մանկապարտէզէն-երկրորդական Հայ Աւետարանական վարժարանին, որ ունէր հսկայ գիշերօթիկ աշակերտութիւն, Հայերէն եւ կրօնի դասաւանդում, նախագահութիւնը մօտակայ գիւղի՝ Մաճտալի դպրոցական հոգաբարձութեան, որուն աշակերտները իսլամ էին, ապա հոգատարութիւնը Պէյրութէն հասած գաղթականներուն, Լիբանանի 16-ամեայ քաղաքացիական երկարամեայ պատերազմին պատճառով:
1990-ի Դեկտեմբերին Վեր. Սարմազեան, իր տիկնոջ ու երեք զաւակնրով (մէկ աղջիկ եւ երկու մանչ զաւակ) փոխադրուեցաւ Գանատա, ծառայելու Օնթարիոյի, Քէմպրիճ քաղաքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիին: 2002-ի Նոյեմբերին, ընտանիքը կորսնցուց իր մայրն ու ապաւէնը, հիւանդութեան պատճառով:
Յիսուն տարիներու իր ծառայութենէն ետք, Վեր. Սարմազեան հանգստեան կոչուեցաւ պաշտօնապէս 2018-ի Յունուարին, սակայն շարունակեց ծառայել, երբ հրաւէր կը ստանար քարոզելու: Ան կը վայելէր իր զաւակներուն ու չորս թոռներուն ներկայութիւնը:
Վեր. Սարմազեան շատ մը կարճ պատմուածքներ գրած է, ինչպէս նաեւ քարոզներ եւ յօդուածներ զանազան նիւթերով: Հրատարակած է երեք գիրքեր՝ Թատերգութիւն մը Մուսա Լեռան 1915-ի դէպքերուն մասին, Հայ Քրիստոնեայ ընտանիքի ուղեցոյց մը եւ պատմուածքներ Քեսապի կեանքէն առնուած:
Այն տղեկը, որ 14 քմ կը քալէր դէպի դպրոց, շարունակեց իր ճանապարհորդութիւնը ի ծառայութիւն Աստուծոյ եւ ժողովուրդին: