Մեր պատմութեան առաջին իսկ օրէն հայ տունն ու ընտանիքը մեզի համար եղած են սիրելի թագաւորութիւն մը, որուն թագաւորը՝ հայրը, իսկ թագուհին մայրն է: Այո, մայրասէր ժողովուրդ մը եղած ենք մենք, որովհետեւ շատ կանուխէն հասկցած ենք մօր մը այն բացառիկ կոչումը, դերն ու ազդեցութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ:
Իսկապէս հզօր է այն դերն ու ազդեցութիւնը որ մայր մը ունի թէ՛ ընտանիքի մը եւ թէ ալ ազգերու կեանքին մէջ: «Այն ձեռքերը որոնք օրօրոցը կը շարժեն, աշխարհը կը շարժեն» խօսքը թեթեւօրէն արտայատուած խօսք մը չէ, հապա խոր իմաստ մը ունի: Մայրն է հայ մանուկին նկարագիրը դարբնողը, ան է առաջին եւ մեծագոյն դաստիարակը կեանքի առաջին դպրոցին՝ տան մէջ, այնպէս որ մօր մը խաղացած դերն ու ազդեցութիւնը խիստ բախտորոշ եւ ճակատագրական են:
Նշանաւոր մարդերու կենսագրութիւնները կարդալով կը տեսնենք թէ շուքին մէջ կեցած են զիրենք սիրող, համբերատար, աղօթող եւ մանաւանդ ամէն զոհաբերութիւն յանձն առնելով խնամած եւ առաջնորդած են իրենց զաւակները դէպի նորոնոր նուաճումներ:
Էմըրսըն հետեւեալ կերպով կ՛արտայատուի մայրերու մասին.- «ՄԱՐԴԵՐ ԱՅՆ ԵՆ՝ ԻՆՉ ՈՐ ԻՐԵՆՑ ՄԱՅՐԵՐԸ Կ՛ԸՆԵՆ ԶԻՐԵՆՔ»՝ Իսկ Աբրհամ Լինքըն ըսած է.- «ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՈՐ ԵՄ ԵՒ ԿԱՄ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՄ ԸԼԼԱԼ, ԵՍ ԿԸ ՊԱՐՏԻՄ ԻՄ ՀՐԵՇՏԱԿԱՆՄԱՆ ՄԱՅՐԻԿԻՍ»:
Մօր մը մեծագոյն կոչումը դաստիարակչական է: Մանուկներու կրթութեան մեծագոյն բաժինը կը ծանրանայ իր վտիտ ուսերուն վրայ: Մայրը տան սիւնն է, մանաւանդ այս օրերուն եւ այս օտար հողերուն վրայ, երբ հայրեր իրենց բազմազբաղութեան հետեւանքով ի վիճակի չեն հայօրէն դաստիարակելու իրեն զաւակները:
Յովհաննէս Շիրազ հետեւեալ քառեակով կը ներկայացնէ իր մայրը:
Մեր յոյսի դուռն է մայրս, մեր տան մատուռն է մայրս,
Մեր օրորօցն է մայրս, մեր տան ամրոցն է մայրս:
Անյոյս իմ տան լոյս ձեռքեր, մրոտ ձեռքեր՝ կոյս ձեռքեր,
Մեր օճախը վառ պահող՝ մօրս ձեռքեր, լոյս ձեռքեր:
Յարգելի ընթերցողներ,
Այս յօդուածին հետ ձեզի կը ներկայացնենք, Մոնթրեալի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Երեցկին՝ Տիկին Վերա Սվաճեանի պատգամը Մայրերու օրուայ առիթով:
Յարգանքներով՝
Միհրան Ճիզմեճեան
ԳՀԱԸ Ատենապետ